Ատրպէյճանական կողմը չեղարկած է Ֆիզուլիի եւ Ջապրայիլի ուղղութեամբ նախատեսուած որոնումները

2021-02-03
Image

Մարտական գործողութիւններու վայրերուն մէջ իրականացուած որոնողական աշխատանքներու շնորհիւ Հատրութ քաղաքի հատուածին մէջ յայտնաբերուած է 1 զոհուածի աճիւն: Այս մասին «Արմենպրես»-ի հետ զրոյցի ժամանակ տեղեկացուցած է Արցախի ներքին գործոց նախարարութեան արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութեան տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու բաժնի պետ Յունան Թադեւոսեանը:

«Նախնական հնարաւոր չի եղել պարզել զոհուածը քաղաքացիական անձ է, թէ զինծառայող: Դատաբժշկական փորձաքննութիւն է նշանակուել՝ պարզելու ինքնութիւնը: Ընդհանուր առմամբ առայսօր յայտնաբերուել է 1355 զոհուած զինծառայողի եւ քաղաքացիական անձանց աճիւններ:  Փետրուարի 3-ին որոնողական աշխատանքներ էին նախատեսուած Վարանտայի (Ֆիզուլի)  եւ Ջրականի  (Ջապրայիլ) ուղղութեամբ, սակայն ատրպէյճանական կողմը, առանց պատճառաբանութեան, չի թոյլատրել»,-նշած է Թադեւոսեանը՝ աւելցնելով, որ զուգահեռ կը շարունակուին նաեւ հնարաւոր ողջ մնացած զինծառայողներու ու քաղաքացիներու որոնման աշխատանքները:

«Իւրաքանչիւր երեկոյ Արտակարգ իրավիճակների պետական ծառայութեան ներկայացուցիչները ծնողներին են ներկայացնում իրականացուած աշխատանքների արդիւնքները, քննարկում ու ծրագրաւորում՝ յաջորդ օրուայ անելիքը», -մանրամասնած է պատասխանատուն: