Ատրպէյճանական ներթափանցող խումբի յարձակման հետեւանքով Արցախի անձնագրային վարչութեան ծառայողներու շրջանին կայ զոհ եւ վիրաւոր

2023-03-05
Image

Այսօր առաւօտեան ատրպէյճանական զինուժի ներթափանցող խումբի յարձակման հետեւանքով ՆԳՆ ոստիկանութեան անձնագրային եւ վիզաներու վարչութեան ծառայողներու շրջանին կայ զոհ եւ վիրաւոր։ Այս մասին յայտնած է Արցախի Հանրապետութեան Ներքին գործոց նախարարութեան ոստիկանութեան մամուլի ծառայութիւնը։

«Մարտի 5-ին ժամը 10։00-ի սահմաններում, «Խայփալու» կոչուող տեղանքում ադրբեջանական զինուժի դիւերսիոն խմբի յարձակման հետեւանքով ՆԳՆ ոստիկանութեան անձնագրային եւ վիզաների վարչութեան ծառայողների շրջանում կայ զոհ եւ վիրաւոր»,–ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։

Յիշեցնենք, որ այսօր առաւօտեան ժամը 10։00-ի սահմաններուն, ատրպէյճանական զինուժի ներթափանցող խումբը թիրախաւորած եւ կրակ արձակած էր ոստիկանութեան անձնագրային եւ վիզաներու վարչութեան անձնակազմի հերթափոխի մեքենայի վրայ։

Նշենք, որ մարտ 3–ին Արցախի մէջ հրադադարի ռեժիմի խախտման 3 դէպք արձանագրուած էր Մարտունիի եւ Շուշիի շրջաններուն մէջ։