Ատրպէյճանական սադրանքի հետեւանքով հայկական կողմն ունի 3 զոհ

Ատրպէյճանական սադրանքի հետեւանքով հայկական կողմն ունի 3 զոհ, կը տեղեկացնեն ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութենէն։
Ժամը 22:00-ի դրութեամբ իրադրութիւնը հայ-ատրպէյճնական սահմանին յարաբերականօրէն կայունացած է:
Յայտնենք, որ սեպտեմբեր 28-ին՝ ժամը 18:00-էն սկսեալ, Ատրպէյճանի ԶՈւ ստորաբաժանումները, ականանետերու եւ խոշոր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներու կիրառմամբ, կրակ բացած են հայ-ատրպէյճանական սահմանի արեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած մարտական դիրքերու ուղղութեամբ:
Հայկական կողմը դիմած է պատասխան գործողութիւններու: