Ատրպէյճանեան ուժեր ներթափանացման փորձ կատարած ու ետ շպրտուած են
Ատրպէյճանեան ուժեր, 12 Յուլիսիսն, Տաւուշի կողմէն հայկական սահմանը խախտելու փորձ կատարած են ու հանդիպելով դիմադրութեան ետ շպրտուած են։
Այս մասին տեղեկութիւնը հաղորդած է ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարարութեան մամլոյ խօսնակ ՝ Շուշան Ստեփանեանը։
Ստեփանեան նաեւ գրած է հայկական ուժեր միայն կանխազգուշացնելէ ետք կրակ բացած են արդէն երկրորդ անգամ սահմանը հատել փորձող ուժերուն, իսկ հակառակորդը կորուստներ տալով լքած է շրջանը։