Ատրպէյճանը այսօրուընէ Գորիս-Կապան ճանապարհին մաքսակէտեր պիտի տեղադրէ. ԱԽ քարտուղար

2021-11-11
Image

Ատրպէյճանական կողմը հայկական կողմին տեղեկացուցած է, որ այսօրուընէ Գորիս-Կապան ճանապարհի հատուածին պիտի իրականացնէ սահմանային եւ մաքսային հսկողութեան գործառոյթ, այսինքն՝ մաքսակէտեր պիտի տեղադրէ։ Այս մասին յայտնած է ՀՀ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանը։

«Ուզում եմ յայտարարել, որ հայկական կողմը եւս համապատասխան քայլեր պիտի ձեռնարկի՝ ճանապարհի այդ հատուածում պիտի տեղադրի մաքսային եւ սահմանային հսկողութեան գործառոյթներ իրականացնող կէտեր։ Այդ աշխատանքները մենք նախապէս արդէն սկսել ենք, որպէսզի այդ ուղղութեամբ աշխատենք, բայց քանի որ, ինչպէս յայտարարուել է արդէն, պատրաստ է Կապան-Տաթեւ ճանապարհը, այնտեղից էլ կա՛մ Գորիս, կա՛մ Երեւան, կարելի է ասել, անվտանգ շահագործուող ճանապարհ ունենք, այլընտրանքային ճանապարհն այլեւս պատրաստ է ինչպէս ապրանքներ տեղափոխելու, այնպէս էլ այլ տեսակի ցանկացած ավտոմեքենայի համար։ Շատ կարեւոր է, որ նոր կառուցուած ճանապարհ է», ըսած է ԱԽ քարտուղարը։

Արմէն Գրիգորեան ըսած է, որ Գորիս-Կապան ճանապարհին գտնուող համայնքներու (Շուռնուխ, Որոտան, Ճակատեն) համար աշխատանքներ կը կատարեն, որ անոնց ճանապարհները բարեկարգուին. այժմ անոնք ասֆալթապատ չեն, բայց մօտ ժամանակներուն պիտի ըլլան։

Արմէն Գրիգորեան կրկին վստահեցուցած է, որ տարածաշրջանային հաղորդակցութեանց ապաշրջափակման տեսանկիւնէն միջանցքային տրամաբանութեամբ որեւէ հարց չի քննարկուիր: