Ատրպէյճանը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ 2 նոր զօրամաս բացած է

2021-07-09
Image

Լեռնային Ղարաբաղի՝ Ատրպէյճանի վերհսկողութեան տակ գտնուող Քաշաթաղի (Լաչին) շրջանի եւ Սանասարի  (Գուպաթլու) մէջ ատրպէյճանական կողմը սահմանապահ ծառայութեան 2 նոր զօրամաս բացած է, կը յայտնէ Haqqin.az-ը։

Այս առթիւ կազմակերպուած արարողութեան ժամանակ Պետական սահմանապահ ծառայութեան պետ, զօրավար-գնդապետ Էլչին Կուլիեւը նոր զօրամասերու գործունէութեան մեկնարկի կապակցութեամբ շնորհաւորած է անձնակազմը։

Միջոցառման աւարտին պարգեւատրուած են խումբ մը զինծառայողներ։