Ատրպէյճանը կը փորձէ գերիներու խնդիրը իրաւականէն դարձնել քաղաքական. ՄԻՊ

2021-04-30
Image

Հայաստանի Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արման Թաթոյեանը, անդրադառնալով սահմանային խնդիրներուն, նշած է, որ այսօր Սիւնիքի մէջ այնպիսի դէպքեր կ'արձանագրուին, երբ մարդը իր հողամասի սեփականութեան վկայականը ձեռքը, չի կրնար հողատարածքէն օգտուիլ:

 

Ան նշած է, որ ԵԱՀԿ-ը ուղեցոյցներ ունի, որոնք հիմք կ'ապահովեն տուեալ փաստաթուղթերու վաւերականութեան, իսկ  Ատրպէյճանը, անտեսելով ամէն տեսակի իրաւական հիմքերը, կը շարունակէ իր ցեղասպան քաղաքականութեան սպառնալիքները: «Ատրպէյճանի իշխանութիւնները փորձում են աշխարհում կարծրատիպ ձեւաւորել, թէ իբր ամէն ինչ նորմալ է եւ գնում են խաղաղութեան եւ դրանով փորձում են ծածկել խախտումները»,-ըսած է ան:

Արման Թաթոյեանը նկատած է, որ Հայաստանի ոչ մէկ իշխանութիւն Ատրպէյճանի ժողովուրդի, սովորական մարդոց նկատմամբ ատելութիւն երբեք չէ տարածած, մինչդեռ Ատրպէյճանի մէջ հակառակը տեղի կ'ունենայ:

Անդրադառնալով գերիներու հարցին՝ Արման Թաթոյեանն ըսած է, որ Ատրպէյճանը կը փորձէ մոլորութեան մատնել միջազգային հանրութիւնը եւ այս խնդիրն իրաւականէն դարձնել՝ քաղաքական: «Մենք պէտք է միջազգային հանրութեանը ասենք, որ այս հակամարտութիւնը չի աւարտուել եւ ցանկացած իրենց մօտ գտնուող մարդ ռազմագերի է»,-ըսած է ան:

Արման Թաթոյեանը նշած է, որ իրենք բոլոր վերադարձած գերիներուն հետ հանդիպած են: «Ես անձամբ տեսել եմ, առանձնազրոյցեր արել ենք, ես լիարժէք տիրապետում եմ՝ այնտեղ ինչ է կատարուում, պահուածքը, իրենց վերաբերմունքը»,-ըսած է ան, եւ նշած, որ չի կրնար այդ ամէնը հրապարակել:

Պաշտպանը նշած է նաեւ, որ կը կարծէ, թէ մեր խնդիրը պէտք է ըլլայ ցոյց տալը, որ Ատրպէյճանը կը վարէ նոյն ցեղասպան քաղաքականութիւնը, որ Օսմանեան կայսրութեան տարիներուն վարած է օսմանեան իշխանութիւնները, որովհետեւ անոնք բոլոր գիծերով կը համընկնին՝ կրօնական ատելութիւն, էթնիկ (ցեղային) ատելութիւն: