Ատրպէյճանը կրակած է հայկական խաղաղ բնակավայրերու ուղղութեամբ․ տուժած է Թաղավարդի բնակիչներէն մէկու տունը

6 Սեպտեմբերին՝ ժամը 19:30-ի սահմաններուն, Արցախի Հանրապետութեան Մարտունիի շրջանի Կարմիր շուկայ-Թաղավարդ բնակավայրերու ուղղութեամբ տեղակայուած դիրքերէն ատրպէյճանական կողմը կրակած է հայկական դիրքերու եւ խաղաղ բնակավայրերու ուղղութեամբ։ Այս մասին կը տեղեկացնէ ԱՀ ՄԻՊ Գեղամ Ստեփանեանը։
Ան նշած է, որ արձակուած կրակոցներու հետեւանքով տուժած է Թաղավարդ համայնքի բնակիչներէն մէկուն տունը։ Տան ուղղութեամբ արձակուած կրակոցներէն 3 գնդակ խոցած են տան պատը, 1 գնդակ՝ ննջասենեակներէն մէկու պատուհանը։
Ատրպէյճանական կրակոցներէն տուժած տան մէջ կը բնակին 6 քաղաքացիական անձինք, որոնցմէ մէկը՝ անչափահաս երեխայ։
Կէսգիշերն անց ատրպէյճանական կողմը շարունակած է կրակոցները, որոնց հետեւանքով տուժածներ եւ նիւթական վնաս չէ արձանագրուած։
Դէպքի վերաբերեալ տեղեկացուած են ռուս խաղաղապահներն ու Արցախի իրաւապահ մարմինները։