Ատրպէյճանը կրակ բացած է հայկական դիրքերու ուղղութեամբ. վիրաւոր ունինք

2022-09-22
Image

Ատրպէյճանի զինուած ուժերու ստորաբաժանումները 21 Սեպտեմբերին՝ երեկոյեան ժամը 8ի շուրջ, ականանետերու եւ մեծ տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներու օգտագործումով կրակ բացած է հայ-ատրպէյճանական սահմանի արեւելեան հատուածին մէջ տեղակայուած հայկական դիրքերուն ուղղութեամբ:

Լուրը հաղորդած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը՝ նշելով, որ պատասխան գործողութիւններով հակառակորդին կրակը դադրած է:

Կայ վիրաւորուած հայ զինուոր մը, որուն կեանքին վտանգ չի սպառնար։

Ժամը 9։30ի դրութեամբ իրադրութիւնը կայունացած է, կրակոցներ չկան: