Ատրպէյճանը Հակարի գետի կամուրջը փակած է չհամաձայնեցուած գործողութիւններով. ՌԴ ՊՆ

2023-04-25
Image

2023 թուականի 23 ապրիլին միակողմանի եւ չհամաձայնեցուած գործողութիւններու հետեւանքով ատրպէյճանական կողմը արգելափակած է երթեւեկութիւնը Լաչինի միջանցքով։ Այս մասին կը տեղեկանանք  Ռուսիոյ ՊՆ Տեղեկագրէն։

«2023 թուականի ապրիլ 23-ին միակողմանի եւ չհամաձայնեցուած գործողութիւններու հետեւանքով ատրպէյճանական կողմը արգելափակած է երթեւեկութիւնը Լաչինի միջանցքով՝ ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի թիւ 1 դիտակէտի տարածքին մէջ։

Խաղաղապահ զօրախումբի հրամանատարութիւնը բանակցութիւններ կը վարէ ատրպէյճանական կողմի հետ»,- ըսուած է հաղորրագրութեան մէջ։