Ատրպէյճանը հրադադարի մասին ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնը կոպտօրէն խախտեց նաեւ երրորդ անգամ. Վահրամ Պօղոսեան

Ատրպէյճանական կողմը մարդասիրական հրադադարի մասին ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնը կոպտօրէն խախտեց նաեւ երրորդ անգամ:
Այս մասին դիմատետրի իր էջին գրած է Արցախի նախագահի խօսնակ Վահրամ Պօղոսեանը՝ աւելցնելով, որ ողջ քաղաքակիրթ մարդկութեան նկատմամբ Ալիեւի վարչակարգի ցուցաբերած այս բացայայտ լկտի պահուածքի վերաբերեալ համապատասխան հետեւութիւններ դեռ կ'ըլլան, բայց այսօր մեր բոլորիս խնդիրն է պաշտպանել Հայրենիքը թուրք-ոսոխէն:
«Մեզի համար այլընտրանք չեն ձգեր, իսկ այդ միակ ճանապարհը մեզի պէտք է ուղեկցի միայն դէպի յաղթանակ»,- եզրափակած է ան: