Ատրպէյճանը պէտք է յարգէ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը. Մաքրոն խօսած է Ալիեւի հետ

2022-09-28
Image

Ատրպէյճանի նախագահներ Իլհամ Ալիեւը եւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնը հեռախօսազրոյցի ընթացքին քննարկած են Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ խաղաղ բանակցութիւններու շուտափոյթ մեկնարկը, յայտնած են ատրպէյճանական լրատուամիջոցները։

«Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի նախաձեռնութեամբ երեքշաբթի հեռախօսազրոյց տեղի ունեցած է Ատրպէյճանի նախագահ Ալիեւի հետ, յայտնած է ատրպէյճանական պետութեան ղեկավարի մամուլի ծառայութիւնը։

Ֆրանսայի նախագահը Ալիեւին տեղեկացուցած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ հանդիպման մասին, որ տեղի ունեցած է 26 սեպտեմբերին։

Ատրպէյճանի նախագահն իր երախտագիտութիւնը յայտնած է տրամադրուած տեղեկատւութեան համար։ Զրոյցի ընթացքին քննարկուած է նաեւ հայ-ատրպէյճանական սահմանին տեղի ունեցած բախումը։ Պետութիւններու ղեկավարները քննարկած են Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղ բանակցութիւններու շուտափոյթ մեկնարկը»,- ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։

Էլիզեան պալատի մամուլի ծառայութիւնն ալ կը յայտնէ, որ Պետութեան ղեկավարը վերահաստատած է Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը յարգելու իր պահանջը։ Ան եւս մէկ անգամ կոչ ըրած է Իլհամ Ալիեւին վերադառնալու հրադադարի ռեժիմին եւ զինուորականները վերադարձնել իրենց նախնական դիրքեր: