Ատրպէյճանը օդային հարուածներ հասցուցած է Շուշիին, կիրառած է ողկուզային ռումբեր. Շուշիի քաղաքապետ

Բերդաքաղաք Շուշիի մէջ, Նոյեմբեր 2 լոյս 3-ին, Ատրպէյճանի զինուած ուժերու ծանր զինատեսակներէն հասցուած հարուածներուն հետեւանքով՝ քաղաքի տարբեր հատուածներու վրայ կան աւերածութիւններ: Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի, ըսած է Շուշիի քաղաքապետ Արծուիկ Սարգսեան, ներկայացնելով առաւօտեան ժամը 09:20-ի սահմաններուն տիրող իրավիճակը:
«Քանի մը անգամ հարուածած են Շուշի քաղաքը. ինքնաթիռ էր, որուն միջոցով օգտագործած են ողկուզային ռումբեր, որոնք թափած են քաղաքի տարբեր հատածներու վրայ, մնացորդներն ալ ինկած են Քարին Տակ գիւղին վրայ: Փառք Աստուծոյ, խաղաղ բնակչութեան մէջ զոհեր եւ վիրաւորներ չունինք, սակայն քաղաքի տարբեր հատուածներու վրայ աւերածութիւններ կան: Երէկ օդանաւային հարուածներ կը հասցնէին քաղաքին, այսօր ալ կը շարունակեն»,- նշած է Սարգսեան:
Ան յայտնած է, որ դեռ չեն գիտեր, թէ հարուածներու հետեւանքով ինչ ենթակառուցուածքներ վնասուած են, դեռ պէտք է ուսումնասիրեն: Շուշիի քաղաքապետը շեշտած է, որ վնասուած ենթակառուցուածք ունենալու պարագային տեղի մասնագէտները շատ արագ կը կարողանան վերականգնել: «Խաղաղ բնակչութիւնը ներկայ պահուն ռումբերու ապաստարաններուն մէջ է, անոնք կը պահեն անվտանգութեան կանոնները, ապահով են»,- ըսած է Սարգսեանը: