Ատրպէյճանը 8.5 քիլոմեթր մխրճուած է Հայաստանի ինքիշխան տարածքէն ներս. ՀՀ Բանակի Գլխաւոր Շտաբի Պետ

Ջերմուկը այն ուղղութիւնն է, ուր հակառակորդը իր յարձակումներու հետեւանքով ունեցած է որոշակի յաջողութիւններ եւ մխրճուած է Հայաստանի ինքնիշխան տարածք 8.5 քիլոմեթր լայնութեան ճակատով, մինչեւ 7.5 քիլոմեթր խորութեամբ: Այս մասին այսօր՝ 16 սեպտեմբերին, Ջերմուկի մէջ 30 երկիրներու դեսպաններու, միջազգային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ կայացած հանդիպման ժամանակ նշած է ՀՀ Զինուած ուժերու Գլխաւոր շտաբի պետ Էտուարտ Ասրեան:
«Այդ մխրճումները կատարուել են խմբերով, ջոկատներով, որոնցից որոշները գտնւում են մեր ստորաբաժանումների անմիջական հսկողութեան տակ, նաեւ շրջափակումների մէջ։ Ներկայ դրութեամբ Ատրպէյճանի Զինուած ուժերի ստորաբաժանման խմբերը գտնւում են Ջերմուկից 4.5 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ»,-նշած է ան՝ աւելցնելով, որ մինչեւ ռազմական գործողութիւնները սկսիլը՝ Ջերմուկէն հակառակորդը եղած է 11-12 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ։
«Միւս 5 ուղղութիւններում հակառակորդի ԶՈՒ ստորաբաժանումների յաջողութիւնները չեն կարող համեմատուել Ջերմուկի ուղղութեամբ մխրճման խորութիւնների հետ, սակայն նաեւ կան ուղղութիւններում 1-2 քմ մխրճման խորութիւններ՝ Ներքին Հանդի ուղղութեամբ, որոշակի դիրքային առաւելութիւն ձեռք են բերել Շորժաների ուղղութեամբ: Միւս հատուածներում մեզ յաջողուել է հակառակորդին ետ շպրտել: Իշխանասարի ուղղութեամբ մօտ կէս քմ խորութեամբ յաջողութիւն են ունեցել»,-ըսած է Գլխաւոր շտաբի պետը: