Ատրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը յայտարարութիւն տարածած է պրիւքսէլեան հանդիպման վերաբերեալ
«Պրիւքսէլեան ձեւաչափով» հերթական հանդիպումը կարեւոր է կողմերու միջեւ ամենաբարձր մակարդակով երկխօսութիւնը խրախուսելու տեսանկիւնէ։ Այս մասին յայտարարած է Ատրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը՝ մայիս 14-ին Պրիւքսէլի մէջ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հանդիպման կապակցութեամբ, հաղորդած է Trend-ը։
«Մայիս 14-ին Ատրպէյճանի Հանրապետութեան նախագահի եւ Հայաստանի վարչապետի միջեւ այս ձեւաչափով Եւրոպական խորհուրդի նախագահի կողմէ կազմակերպուած հինգերորդ հանդիպումը օգտակար եւ արդիւնքային կը համարենք երկու երկիրներու յարաբերութիւններու կարգաւորման օրակարգը առաջ մղելու առումով։ Հանդիպման ընթացքին միտքերու հանգամանալից փոխանակում տեղի ունեցած է Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ երկկողմ խաղաղ համաձայնագրի նախագիծի համաձայնեցման, սահմաններու սահմանազատման եւ հաղորդակցութեան վերականգնման ոլորտներու մէջ յատսակ արդիւնքներու հասնելու համար։
Յատկապէս կարեւոր է պետութիւններու տարածքային ամբողջականութեան նկատմամբ յարգանքի եւս մէկ հաստատումը, Հայաստանի կողմէ Ատրպէյճանի միջազգայնօրէն ճանչցուած տարածքային ամբողջականութեան ընդունումն այս պարունակին մէջ։
Մենք յայտարարած ենք, որ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորումը՝ հիմնուած իրար ինքնիշխանութեան, տարածքային ամբողջականութեան եւ միջազգային սահմաններու փոխադարձ ճանաչման եւ յարգման վրայ, միակ ճանապարհն է՝ ապահովելու կայուն խաղաղութիւն եւ կայունութիւն տարածաշրջանին մէջ։
Մենք կ'ողջունենք ջանքերը այս ուղղութեամբ՝ նպաստելով յարաբերութիւններու կարգաւորման առաջընթացի ձեռքբերման, վերահաստատելով մեր պատրաստակամութիւնը շարունակելու երկխօսութիւնն ու փոխգործակցութիւնը այդ նպատակը հետապնդող միջազգային գործընկերներու հետ»,-ըսուած է Ատրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան յայտարարութեան մէջ։