Ատրպէյճանի Զինուած Ուժերը կրակած են Վերին Շորժայի դիրքերու ուղղութեամբ

Մարտ 13-ին՝ ժամը 19:00-19:30-ը, Ատրպէյճանի Զինուած Ուժերու ստորաբաժանումները տարբեր տրամաչափի հրաձգային զէնքերէ կրակ բացած են Վերին Շորժայի ուղղութեամբ տեղակայուած հայկական դիրքերու ուղղութեամբ:
Այս մասին յայտնած են ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարութենէն:
Հայկական կողմը կորուստներ չունի: Ժամը 22:00-ի դրութեամբ իրադրութիւնը առաջնագիծին յարաբերականօրէն կայուն է: