Ատրպէյճանի Զինուած ուժերը հարուածած են Ստեփանակերտի ծննդատունը. Տուժածներու մասին տեղեկութիւնները կը ճշդուին

2020-10-28
Image

Ատրպէյճանական զինուած ուժերը կրկին թիրախաւորած են Արցախի մայրաքաղաք Ստեփանակերտը: Քաղաքին մէջ միացած է օդային տագնապի ազդանշանը: Եղած է մօտ 6-7 հարված: 

Արցախի արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութենէն կը յայտնեն, որ հակառակորդը օդային հարուածներ կը հասցնէ Արցախի մայրաքաղաքին: 

Արցախի տեղեկատուական շտաբէն կը հաղորդեն, որ Ատրպէյճանի Զինուած ուժերը թիրախաւորած են Ստեփանակերտի ծննդատունը։ Տուժածներու մասին տեղեկութիւնները կը ճշդուին։

«Արմէնբրես»-ի թղթակիցը կը յայտնէ, որ այս պահուն օդային տագնապ ազդանշանը անջատուած է: