Ատրպէյճանի կողմէ նոր լարուածութեան հրահրման վտանգը կը շարունակէ մնալ բարձր․ Միրզոյեան

Երեւանի մէջ Եւրոպայի խորհուրդի՝ Հայաստանի համար իրականացուող գործողութիւններու 2023-2026 թուականներու ծրագիրի մեկնարկի արարողութեան Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան իր խօսքին մէջ ընդգծած է, որ Ատրպէյճանի կողմէ նոր լարուածութեան հրահրման վտանգը կը շարունակէ մնալ բարձր:
«Մենք ապրում ենք անվտանգային բազում սպառնալիքներով լի տարածաշրջանում: Աւելի քան 2 ամիս է, ինչ Ադրբեջանի կողմից Լաչինի միջանցքի շրջափակման հետեւանքով շարունակւում է հումանիտար ճգնաժամը Լեռնային Ղարաբաղում», ըսած է Միրզոյեան:
Ան ընդգծած է, որ Ատրպէյճան կը շարունակէ պատանդառութեան մէջ պահել հայ ռազմագերիներ ու քաղաքացիներ, կան բազմաթիւ անյայտ կորսուածներ, եւ բռնի անհետացածներու ճակատագիրը կը մնայ չպարզաբանուած: Մայիս եւ Նոյեմբեր 2021ի, ինչպէս նաեւ Սեպտեմբեր 2022ի ձեռնարկուած յարձակումին պատճառով Հայաստանի ինքնիշխան տարածքները յայտնուած են ատրպէյճանական բռնագրաւման տակ: «Իսկ Ադրբեջանի կողմից նոր էսկալացիայի (մագլցումի) հրահրման վտանգը շարունակում է մնալ բարձր», ըսած է Միրզոյեան:
Եւրոպայի խորհուրդի ընդհանուր փոխքարտուղար Պէօրն Պերկըն իր խօսքին մէջ յայտնած է, որ խորհուրդը գերազանց կը գնահատէ Հայաստանի հետ համագործակցութիւնը եւ այն յառաջընթացը, որ ձեռք բերուած է կարգ մը ոլորտներուն մէջ: Եւրոպայի խորհուրդի՝ Հայաստանի համար իրականացուող գործողութիւններու նոր ծրագիրով կ՛ընդարձակուին Հայաստանի հետ համագործակցութեան ոլորտները. անոնք կ՛ընդգրկեն աշխատանքային իրաւունքներու պաշտպանութիւնը, կենսոլորտը, տեղական ինքնակառավարման բարեփոխումները եւ այլն:
«Ընդհանուր առմամբ, գործողութիւններու ծրագիրի նպատակն է՝ բարելաւել կեանքը այս հրաշալի երկրի քաղաքացիներուն, բնակիչներուն համար: Հիմնական է այն յանձնառութիւնը, զոր կը ցուցաբերեն Հայաստանի իշխանութիւնները եւ ԵԽի աջակցութիւնը եւ համագործակցութիւնը: Երկրին մէջ վերջին ժամանակներուն շատ մեծ ձեռքբերումներ արձանագրուած են, բայց միասին մենք աւելիին կրնանք հասնիլ», ըսած է ան: