Ատրպէյճանի մէջ այս պահուն 21 հայ ռազմագերի կայ. Ռաֆայէլ Վարդանեան

2020-11-05
Image

Ատրպէյճանի մէջ այս պահուն 21 հայ ռազմագերի կայ։ Այս մասին այսօր՝ 5 նոյեմբերին, լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ ըսած է ՔԿ քրէագիտական վարչութեան պետ Ռաֆայէլ Վարդանեանը։

Ան նշած է, որ այդ տուեալներն անընդհատ կը փոփոխուին. «Կան տուեալներ, որոնք ճշգրտման փուլի մէջ են։ Կայ երկու անձի վերաբերեալ տուեալ, որ կը ճշգրտուի։ ՄԻԵԴ-ի մէջ հայաստանեան ներկայացուցչութեան եւ անհատ իրաւապաշտպաններու կողմէ դիմումներ կը ներկայացուին ՄԻԵԴ, որպէսզի կիրառուի յատուկ միջոց եւ Ատրպէյճանին պարտաւորեցուի՝ ներկայացնել յստակ տուեալներ, ինչպէս նաեւ ապահովել հայ ռազմագերիներու մարդասիրական բոլոր չափանիշերու պահպանումը. այսինքն՝ անոնք չխոշտանգուին, ստանան անհրաժեշտ բուժօգնութիւն»։

Անդրադառնալով համացանցի մէջ տարածուած հայ զինծառայողներու նկատմամբ խոշտանգման քատրերուն՝ քրէագիտական վարչութեան պետը նշած է, որ բոլոր տեսանիւթերը կը զննուին պատշաճ դատավարական ընթացակարգերով. «Ունինք անձ, որուն խոշտանգուած նկարը «Ինսթակրամ» տեղադրած էին, այդ մասով նոյնպէս քննութիւն իրականացուցած ենք, ուղարկուած է քննչական պահանջ միջազգային տարբեր իրաւապահ մարմիններուն, որպէսզի պարզեն տուեալները եւ յայտնեն»։

Ռաֆայէլ Վարդանեանն ըսած է, որ այդ տեսանիւթերը զննած են, որոնց մէջ, փաստացի, ռազմագերիներու նկատմամբ կան խոշտանգման քատրեր. «Այդ մասով անձինք տուժող ճանչցուած են։ Քանի որ թիւը անընդհատ կը փոխուի, յստակ թիւ ըսելը ճիշդ չըլլար։ Կ'ամբողջացնենք տուեալները, երբ արդէն ունենանք յստակ արձագանգ Ատրպէյճանի կողմէ, թէ յստակ քանի հոգի ինչ կագավիճակի մէջ են»։

Հարցին՝ արդեօք կա՞ն դէպքեր, որ հայ զինծառայողի նկատմամբ խոշտանգման քատրերը յայտնուին հարազատներու ձեռքը, Ռաֆայէլ Վարդանեանն ըսած է, որ նման դէպքեր նոյնպէս կան։