Ատրպէյճանի մէջ գտնուող հայ գերիները տեսահաղորդագրութիւն փոխանցած են իրենց ընտանիքներուն. Զառա Ամատունի

Ատրպէյճանի մէջ գտնուող հայ գերիները Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի միջոցով տեսահաղորդագրութիւն փոխանցած են իրենց ընտանիքներուն: Կապի այս միջոցն առաջին անգամ գործարկուած է: Այս մասին կը հաղորդէ ՀՀ-ի մէջ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի հաղորդակցման ծրագրերու ղեկավար Զառա Ամատունին։
Ամատունին ըսած է, որ Ատրպէյճանի մէջ պահուող հայ գերիներուն հնարաւորութիւն ընձեռուած է հեռախօսով կապ հաստատելու հարազատներու հետ, իսկ տեսագրութիւնները կատարուած են վերջին հանդիպումներուն եւ փոխանցուած ընտանիքներուն: