Ատրպէյճանի յարձակման հետեւանքով վիրաւորում ստացած է 3 քաղաքացի. մէկուն վիճակը ծանր է. ԱՆ

Հայաստանի Հանրապետութեան բնակավայրերու ուղղութեամբ ատրպէյճանական զինուած ուժերու յարձակման հետեւանքով վիրաւորում ստացած է քաղաքացիական 3 անձ։ Տեղեկութիւնը յայտնած է ՀՀ առողջապահութեան նախարարութեան մամուլի ծառայութիւնը։
«Նրանցից մէկի առողջական վիճակը գնահատւում է ծանր, երկուսինը` բաւարար»,– նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։
Յիշեցնենք` ՀՀ վարչապետն Ազգային ժողովի մէջ հարցուպատասխանի ժամանակ յայտնած է, որ զոհերու ճշդուած թիւն այս ժամի դրութեամբ 49 է։
Այս պահու դրութեամբ իրավիճակը սահմանին կը շարունակէ լարուած մնալ։