Ատրպէյճանի նախայարձակ գործողութիւններու հետեւանքով հայկական կողմն ունի զոհեր եւ վիրաւորներ

Հայ-ատրպէյճանական սահմանի տարբեր ուղղութիւններով Ատրպէյճանի նախայարձակ գործողութիւններու հետեւանքով հայկական կողմն ունի զոհեր եւ վիրաւորներ։
Այս մասին յայտնած է ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան մամուլի խօսնակ Արամ Թորոսեանը։
Ան աւելցուցած է, որ զոհերու եւ վիրաւորներու տուեալներն այս պահուն կը ճշդուին։