Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը շարունակէ ապատեղեկատւութիւն տարածել. ՀՀ ՊՆ

Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը 4 սեպտեմբերի երեկոյեան՝ օրուայ ընթացքին երկրորդ անգամ, տարածած է հերթական ապատեղեկատւութիւնը:
ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտնած է, որ ՀՀ Զինուած ուժերու ստորաբաժանումները 4 սեպտեմբերի երեկոյեան հայ-ատրպէյճանական սահմանագօտիի արեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած ատրպէյճանական դիրքերու ուղղութեամբ կրակ չեն բացած:
Իրադրութիւնը սահմանին յարաբերականօրէն կայուն է, կը գտնուի ՀՀ Զինուած ուժերու լիարժէք վերահսկողութեան ներքոյ: