Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած բնակավայրերուն մէջ այսօր եւս դադարեցուած են որոնողական աշխատանքները

Արցախի հանրապետութեան Ներքին գործոց նախարարութեան Արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութիւնը կ'իրազեկէ, որ Արցախի վերահսկողութենէն դուրս գտնուող բնակավայրերուն մէջ այսօր եւս դադարեցուած են որոնողական աշխատանքները:
Պատճառը ատրպէյճանական բանակին մէջ այսօր իրականացուող հերթափոխն է: Աշխատանքները պիտի վերսկսին վաղը:
Որոնողափրկարարական աշխատանքներու շնորհիւ յայտնաբերուած զոհուած զինծառայողներու աճիւններու թիւը 8 փետրուարի դրութեամբ 1367 է: