Ատրպէյճանն այս սադրանքի համար վերջին օրերուն ակնյայտ տեղեկատուական հենք կը նախապատրաստէր. ՊՆ

2022-09-13
Image

Ատրպէյճանի զինուած ուժերը 13 սեպտեմբերի կէսգիշերն անց հրետանային միջոցներու ու ԱԹՍ-ներու կիրառմամբ բուռն կրակ բացած են հայ-ատրպէյճանական սահմանի մէկանգամէն մի քանի հատուածներու մէջ տեղակայուած հայկական դիրքերու ուղղութեամբ: Մասնաւորապէս, հրետակոծման ենթարկուած են Սոթքի, Վարդենիսի, Գորիսի, Կապանի, Արտանիշի եւ Իշխանասարի ուղղութեամբ տեղակայուած դիրքերը: Այս մասին յայտարարած է ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան մամուլի խօսնակ Արամ Թորոսեանը:

Ան նշած է, որ հարուածներ եղած են նաեւ քաղաքացիական ենթակառուցուածքներու ուղղութեամբ:

«Հայաստանի Հանրապետութեան ԶՈՒ ստորաբաժանումները ամբողջ ծաւալով կատարում են իրենց առջեւ դրուած մարտական խնդիրները: Ատրպէյճանի ՊՆ պնդումները, թէ հրետակոծութիւնը սկսել է հայկական կողմը, բացարձակ կեղծ են: Ատրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը այս սադրանքի համար վերջին օրերին ակնյայտ տեղեկատուական հենք էր նախապատրաստում, ինչի վկայութիւնն են ամենօրեայ ռեժիմով հրապարակուող ապատեղեկատւութիւնները՝ իբր հայկական կողմի գնդակոծութիւնների վերաբերեալ»,- յայտատարած է Թորոսեան՝ աւելցնելով, որ այս ձեռագիրը ծանօթ է  դեռ 2020 թուականի 44-օրեայ պատերազմի ժամանակէն:

«Ինչպէս բոլոր այդ դէպքերում, վերջին լայնածաւալ սադրանքի պարագայում նոյնպէս այն նախաձեռնել է Ատրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը»,-նշած է ան:

Նշենք, որ հայկական կողմն ունի զոհեր եւ վիրաւորներ, տուեալները կը ճշդուին: Արամ Թորոսեանի խօսքով՝ պաշտպանութեան նախարարութիւնը պարբերաբար հանդէս պիտի գայ հաղորդագրութիւններով՝ իրադրութեան զարգացումներու վերաբերեալ: «Յորդորում ենք զերծ մնալ մարտական գործողութիւնների պատկերմամբ տեսանիւթեր հրապարակելուց եւ հետեւել միայն պաշտօնական լրահոսին»,-ընդգծած է ՊՆ խօսնակը:

Նշենք, որ աւելի ուշ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարած է «Հայաստանի զինուած ուժերու ստորաբաժանումներուն կողմէ հայ-ատրպէյճանական պետական սահմանի Դաշքեսանի, Քելբաջարի եւ Լաչինի ուղղութիւններով լայնածաւալ սադրանքի» մասին:

Ըստ այդ հաղորդագրութեան` Հայաստանի զինուած ուժերու ներթափանցող հետախուզական խումբերը մութին մէջ, օգտագործելով լեռնային տեղանքը եւ կիրճերը, տարբեր ուղղութիւններով ականապատած են ատրպէյճանական բանակի ստորաբաժանումներու դիրքերուն եւ մատակարարման ուղիներուն միջեւ գտնուող տարածքները:

«Այս գործողութիւնները կանխելու նպատակով մեր ստորաբաժանումներու ձեռնարկած անյետաձգելի միջոցառումներուն իբրեւ արդիւնք տեղի ունեցաւ ռազմական բախում», յայտարարած է պաշտպանութեան նախարարութիւնը՝ աւելցնելով, որ հայկական կողմէ կան կորուստներ անձնակազմին մէջ, նաեւ վնասուած են ռազմական ենթակառուցուածքներ:

Պաշտօնական Պաքու պնդած է, որ «նման քայլերով Հայաստան նպատակ ունի դանդաղեցնել ազատագրուած սահմանամերձ շրջաններուն մէջ Ատրպէյճանի կողմէ կատարուող քաղաքացիական ենթակառուցուածքային մեծ ծրագիրներու իրականացումը եւ լարուածութեան մթնոլորտ պահպանել Ատրպէյճանի սահմաններուն մօտ»: