Ատրպէյճանն ընդունած է հայ-ատրպէյճանական սահմանին հրադադար յայտարարելու ՌԴ առաջարկը

2021-07-28
Image

Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտնած է, որ համաձայնած է ռուսական կողմի նախաձեռնութեան՝ հրադադար յայտարարելու մասին:

«Ընդուներ ենք ռուսական կողմի նախաձեռնութիւնը հայ-ատրպէյճանական պետական սահմանին 10:00-էն (Պաքուի ժամանակով) հրադադար յայտարարելու մասին»,- ԹԱՍՍ-ի հաղորդմամբ՝ ըսուած է գերատեսչութեան հաղորդագրութեան մէջ: