Ատրպէյճանցիները թոյլ չտուին ռուս խաղաղապահներու ինքնաշարժներու շարասիւնին՝ անցնիլ Լաչինի միջանցքով

2022-12-22
Image

Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան Թուիթըրի էջին ներկայացուցած է տեսանիւթ, որուն մէջ ռուս խաղաղապահը կը մօտենայ իբրեւ բնապահպաններ ներկայացող ատրպէյճանցիներուն, անոնցմէ կը խնդրէ բանալ ճամբան դէպի Լաչինի միջանցքը խաղաղապահներու ինքնաշարժի շարասիւնին համար:

«Մերժուելով նա հրամայում է շրջուել եւ յետ գնալ: Ադրբեջանական կեղծ յօրինուածքի եւս մէկ ապացոյց», - կից աւելցուցած է Գեղամ Ստեփանեան: