Ատրպէյճանցիները կրակած են խաղողի այգիի մէջ աշխատող արցախցիներու ուղղութեամբ. աշխատանքները դադրած են

Մարտ 15-ի, ժամը 11-ի սահմաններուն, ոստիկանութեան Մարտունիի շրջանային բաժնի հերթապահ մասին հաղորդում ստացուած է, որ Ամարասի հովիտի «Խազազին տակ» կոչուող տեղանքի յարակից խաղողի այգիներուն մէջ 3 քաղաքացի աշխատանքներ կատարելու ժամանակ յայտնուած են յարակից ատրպէյճանական մարտական դիրքերէն հրաձգային զինատեսակներով արձակուող անկանոն կրակոցներու տակ։
Այս մասին կը տեղեկացնէ Արցախի ներքին գործոց նախարարութիւնը:
Կրակոցներու հետեւանքով դադրեցուած է գիւղատնտեսական աշխատանքները։ Դէպքի մասին տեղեկութիւնները փոխանցուած են ռուսական խաղաղապահ զօրակազմին։
Տուժածներ չկան: