Ատրպէյճանցիները հարուածային անօդաչու թռչող սարքեր կիրառած են Արցախի մէջ. ՊԲ

2021-08-11
Image

11 Օգոստոսին՝ ժամը 08:29-ի եւ  08:58-ի սահմաններուն հակառակորդը հարուածային անօդաչու թռչող սարքեր կիրառած է Պաշտպանութեան Բանակի մարտական դիրքերու ուղղութեամբ: Այս մասին յայտարարութիւն տարածած է Արցախի պաշտպանութեան բանակը։

Հայկական կողմը կորուստներ չէ ունեցած:

Միջադէպի առնչութեամբ համապատասխան տեղեկատուութիւն եւ փաստեր տրամադրուած են ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի հրամանատարութեան: