Ատրպէյճանցիները սուտ լուրեր տարածած են, իբր Հայաստանէն ու Արցախէն կը կրակեն իրենց ուղղութեամբ

2023-03-15
Image

Ատրպէյճանը հերթական ապատեղեկատւութիւնը տարածած է, իբր Հայաստանէն կրակած են իրենց ուղղութեամբ։ Այս մասին հաղորդագրութիւն տարածած է ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարութիւնը։

«Ադրբեջանի պաշտպանութեան նախարարութեան տարածած հաղորդագրութիւնն այն մասին, թէ իբր մարտի 15-ին ժամը 00:10-ից 02:30-ն ընկած ժամանակահատուածում ՀՀ Զինուած Ուժերի ստորաբաժանումները կրակ են բացել հայ-ադրբեջանական սահմանագօտու արեւելեան հատուածում տեղակայուած ադրբեջանական դիրքերի ուղղութեամբ, չի համապատասխանում իրականութեանը»,–ըսուած է ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ:

Միաժամանակ նմանատիպ հերքում տարածած է նաեւ Արցախի պաշտպանութեան բանակը։

Հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, որ Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարարութեան տարածած հաղորդագրութիւնն այն մասին, թէ իբր Պաշտպանութեան բանակի ստորաբաժանումները մարտ 15-ին պարբերաբար կրակ բացած են Արցախի Հանրապետութեան Մարտունիի եւ Ասկերանի շրջաններու բռնագրաւուած տարածքներուն մէջ տեղակայուած ատրպէյճանական դիրքերու ուղղութեամբ, հերթական ապատեղեկատւութիւնն է։