Ատրպէյճանցի գերին կարեւոր տուեալներ ներկայացուցած է թուրք մասնագէտներու մասին

2020-10-22
Image

Արցախի հիւանդանոցներէն մէկուն մէջ բուժում ստացող ատրպէյճանցի ռազմագերի՝ Էմին Պաշխալին Զահիր Օղլուն պատմած է, թէ ինչպէս Թուրքիայէն ժամանած զինուորական մասնագէտները կը ղեկավարեն Արցախի դէմ Ատրպէյճանի ծաւալած ռազմական յարձակումը: Լուսանկարիչ՝ Դաւիթ Ղահրամանեանի հրապարակած տեսանիւթին մէջ ատրպէյճանցի ռազմագերին կը պատմէ, որ դասընթացքներ ընելու նպատակով իրենց հետ եկած էին երեք հոգի եւ ըսած էին, որ Թուրքիայէն են:

«Այդ ակնյայտ էր անոնց խօսելու ձեւէն եւ զինուորական հագուստէն: Դասընթացքները հիմնականօրէն կը կատարուէին անոնց պատրաստած ծրագիրով: Ատոնք տեւեցին 10-15 օր: Անոնք հիմա կը գտնուին մեր հրամանատարական կէտերը, եւ առանց անոնց հրահանգներուն մեր հրամանատարները ինքնուրոյն որոշումներ չեն կայացներ»,- ըսած է ատրպէյճանցի ռազմագերին:

Էմին Պաշխալին Զահիր Օղլուն նշած է նաեւ, որ իր առողջական վիճակը լաւ է, բժիշկները վէրքը կը մշակեն եւ նոր վիրակապ կը դնեն: