Ատրպէյճան գերեվարած է 6 հայ զինուորներ

ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտնած է, որ 27 մայիսի վաղ առաւօտեան ատրպէյճանեան ուժեր գերեվարած են 6 հայ զինուորներ։
Դէպքը տեղի ունեցած է Գեղարքունիքի սահմանային հատուածին մերձ գտնուող բանակի զօրամասի մը մօտ, երբ հայ զինուորները դիրքային հերթական աշխատանքներ կը կատարէին։
Ատրպէյճանեան ուժեր առաջ գալով պաշարած են հայ զինուորները եւ ապա գերի վերցուցած։
ՊՆ-ն անհրաժեշտ բոլոր աշխատանքները կը կատարէ գերի ինկած զինուորները վերադարձնելու համար։