Ատրպէյճան զօրավարժութիւններ կը կատարէ

2022-12-21
Image

Ատրպէյճանական բանակի հրթիռահրետանային զօրքերու ստորաբաժանումները մարտավարական զօրավարժութիւններ կ'իրականացնեն՝ մարտական կրակի կիրառմամբ։

Ստորաբաժանումները մշտական տեղակայման կէտերէ դուրս բերուած են կեդրոնացման վայրեր եւ կատարած են տեղակայման, կրակային դիրքեր գրաւելու, տեխնիկան մարտական պատրաստութեան վիճակի բերելու փորձեր։

Իրական մարտի պայմաններուն համապատասխան կայացած զօրավարժութիւններու ընթացքին իրականացուած են պայմանական հակառակորդի թիրախները ճշգրիտ կրակով ոչնչացնելու առաջադրանքները։