Ատրպէյճան իր բոլոր գործողութիւններով կը փորձէ խափանել երկխօսութեան որեւէ կարելիութիւն. Վարչապետ

Կառավարութեան այսօրուան նիստին Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան խօսեցաւ հայ-ատրպէյճանական սահմանագիծի իրավիճակին, ատրպէյճանական կողմի՝ խաղաղութեան եւ կայունութեան դէմ գործողութիւններու, ինչպէս նաեւ Հայաստանի կառավարութեան յետագայ քայլերու մասին։
«Ատրպէյճան իր բոլոր գործողութիւններով կը փորձէ խափանել երկխօսութեան որեւէ կարելիութիւն հռետորաբանութեամբ եւ գործողութիւններով նաեւ վարկաբեկելով Նոյ․ 9-ի եւ Յուն․ 11-ի եռակողմ յայտարարութիւնները»,- իր խօսքին մէջ նշեց Փաշինեան: