Ատրպէյճան խոչընդոտներ կը ստեղծէ հայ զինուորներու դիերու որոնողական աշխատանքներու համար․ Փաշինեան

Սեպտեմբեր 14-էն սկսեալ Ատրպէյճան տարբեր խոչընդոտներ կը ստեղծէ ատրպէյճանական վերջին բռնագրաւած գօտիէն հայ զինուորներու դիերու որոնողական աշխատանքներու համար, Թուիթըրի իր էջին գրած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան։
«Սա հակահումանիստական (հակամարդասիրական) եւ անընդունելի պահուածք է»,-գրած է ան։