Ատրպէյճան կ՚օգտագործէ հրկիզող եւ արգիլուած զէնքեր

Արցախի Հանրապետութեան տարածքին մէջ յայտնուած է թշնամական ուժերու կողմէ արձակուած նոր զինատեսակ։ Այս մասին կը տեղեկացնէ Արցախի Արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութիւնը, նշելով, որ ուսումնասիրութեան համաձայն, այն այրող ողկուզային զէնք է` մօտ 40 սմ երկարութեամբ, որուն կիրառումը խաղաղ բնակչութեան ուղղութեամբ արգիլուած է Ժընեւեան եւ միջազգային համաձայնագրերով։
Այս զինատեսակը նախատեսուած է զանգուածային ոչնչացման եւ տարածքներու հրկիզման համար: