Ատրպէյճան կը շարունակէ քրէական կեղծ գործեր յարուցել հայ գերիներուն դէմ

Ատրպէյճանը ոչ միայն չի կատարեր գերիներու անվերապահ վերադարձի վերաբերեալ եռակողմ յայտարարութեան դրոյթները, այլեւ հանդուգն կերպով կը փորձէ գերիները որպէս «վարձկան» ներկայացնել եւ անոնց դյմ կեղծ քրէական գործեր կը յարուցէ:
Turan-ի տուեալներով՝ Ատրպէյճանի գլխաւոր դատախազ Քամրան Ալիեւը լրագրողներուն յայտնած է այդպիսի հերթական քրէական գործերու մասին: Խօսքը հայկական ծագմամբ Լիբանանի քաղաքացիներու մասին է, որոնց Ատրպէյճանը կը փորձէ որպէս «վարձկաններ» ներկայացնել՝ չնայած անոնք լաւ գիտեն, որ այդպէս չէ:
Լիբանանի քաղաքացիի մը դէմ քրէական գործը արդէն ուղղուած է Պաքուի ռազմական դատարան: «Այլ ահաբեկիչներու դէմ քրէական գործերը կը մօտենան աւարտին»,- յայտարարած էր Ալիեւը:
Անոնցմէ մէկը Լիբանանի քաղաքացի Վիգէն Իւլճեքեանն է (1979-ի ծնունդ): Անոր մեղադրանք առաջադրուած է Ատրպէյճանի Քրէական օրէնսգիրքի 114.3 (վարձկանի մասնակցութիւն ռազմական բախումներուն կամ ռազմական գործողութիւններուն), եւ 214.2.1 (խումբ մը անձանց կողմէ նախնական դաւադրութեան միջոցով կատարուած ահաբեկչութիւն), 318.2 (Ատրպէյճանի պետական սահմանի ապօրինի հատում) եւ այլ յօդուածներով: