Ատրպէյճան կրակած է հայկական դիրքերու ուղղութեամբ

Հոկտեմբեր 25-ին՝ ժամը 01:30-ին, Ատրպէյճանի Զինուած Ուժերու ստորաբաժանումները տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ կրակ բացած են հայ-ատրպէյճանական սահմանի արեւելեան հատուածին մէջ տեղակայուած հայկական դիրքերու ուղղութեամբ:
Ինչպէս յայտնած են ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութենէն, հայկական կողմը կորուստներ չունի:
08:00-ի դրութեամբ իրավիճակը յարաբերականօրէն կայուն է: