Ատրպէյճան կրակ բացած է Գեղարքունիքի հատուածի եւ Երասխի հայկական դիրքերու ուղղութեամբ

26 Յուլիսին, ժամը 03:30-ի սահմաններուն, ատրպէյճանական ԶՈՒ ստորաբաժանումները, տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ կրակ բացած են հայ-ատրպէյճանական սահմանի Գեղարքունիքի հատուածին մէջ տեղակայուած հայկական դիրքերու ուղղութեամբ։
Հայկական կողմէն տուժածներ չկան։
26 Յուլիսին, ժամը 11։30-էն սկսած, հակառակորդը հրադադարը խախտած է նաեւ հայ-ատրպէյճանական սահմանի Արարատի մարզի, մասնաւորապէս՝ Երասխի ուղղութեամբ, տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ կրակ բանալով հայկական դիրքերու ուղղութեամբ։ Հայկական կողմը դիմած է հակազդող գործողութիւններու։