Ատրպէյճան 2-րդ անգամ ըլլալով չի կատարեր գերիները ազատ արձակելու խոստումը. Փաշինեան

2022-10-03

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան թուիթըրեան էջին հայ ռազմագերիներու հարցով գրառում ըրած է՝ նշելով, որ սա արդէն երկրորդ դէպքն է, երբ Ատրպէյճանը կը հրաժարի կեանքի կոչելէ հայ ռազմագերիները վերադարձնելու իր խոստումը:

«Առաջին դէպքը մայիսին էր, երբ խոստումը տրուեց Պրիւսէլում, իսկ երկրորդը՝ հիմա, երբ Ատրպէյճանը Ուաշինկթընում պարտաւորուեց մինչ սեպտեմբերի 30-ը 17 հայ ռազմագերու ազատ արձակել»,- գրած է Փաշինեան: