Արամ Ա. Կաթողիկոսը Լաչինի միջանցքի հարցով դիմեց Սէուտական Արաբիոյ միջամտութեան

2022-12-22
Image

Երեքշաբթի, 20 Դեկտեմբերին, Արամ Ա. կաթողիկոսին այցելեց Լիբանանի մօտ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պըն Ապտալլա Պուխարի։

Վեհափառը դեսպանին ուշադրութեան յանձնեց Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքին փակումը եւ անոր ծանր հետեւանքները Արցախի ժողովուրդին վրայ եւ խնդրեց Սէուտական Արաբիոյ միջամտութիւնը։ Ապա, վեհափառը եւ դեսպանը տեսակէտներու փոխանակում ունեցան Լիբանանի ու Սէուտական Արաբիոյ յարաբերութիւններուն, Լիբանանի նախագահական ընտրութիւններուն եւ Լիբանանի ժողովուրդին դիմագրաւած ընկերային-տնտեսական հարցերուն վերաբերող կարգ մը հարցերու շուրջ։

Յայտնենք, որ կաթողիկոսը քանի մը օրեր առաջ միջ-եկեղեցական, միջ-կրօնական եւ միջազգային կազմակերպութիւններուն կոչ ուղղած էր՝ միջամտելու Լաչինի միջանցքի վերաբացումը երաշխաւորելու գծով։

Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդը (ԵՀԽ), Եւրոպայի եկեղեցիներու խորհուրդը (ԵԵԽ) եւ Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդը (ՄԱԵԽ) զանազան կերպերով եւ հրապարակային յայտարարութիւններով դատապարտեցին Ատրպէյճանի բարբարոս արարքները՝ իբրեւ խախտում միջազգային օրէնքի եւ պահապնջեցին Լաչինի միջանցքին անյապաղ վերաբացումը։

Անցեալ Կիրակի Արցախի պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցաւ Արամ Ա. վեհափառին հետ եւ պարզեց Արցախի ժողովուրդին հետզհետէ վատթարացող ընկերային-տնտեսական կացութիւնը եւ խնդրեց հայրապետէն Լաչինի միջանցքին վերաբացման գծով կատարուող աշխատանքներու շարունակութիւնը։