Արամ Սեփեթճեանն ալ դարձաւ յաւերժի ճամբորդ

2020-10-08
Image

Տերեւաթափը կը շարունակուի: Հայ ազգը եւ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը կրեցին մեծ կորուստ մը: Արձակագիր եւ մտաւորական Արամ Սեփեթճեան ոչ եւս է: Կորսնցուցինք համեստ հայ մտաւորական մը, որ իր հողին կարօտ հայ ժողովուրդի յոյզերուն թարգմանն էր իր բեղուն գրիչին եւ գործունէութեան միջոցով:  

Ընկեր Արամ Սեփեթճեանի յուղարկաւորութեան ներկայ էին Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Լիբանանի Շրջանային Վարչութենէն ընկերներ, գլխաւորութեամբ ատենապետ Ընկեր Աւետիս Տագէսեանի: Ներկայ էին նաեւ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան եւ Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութեան ներկայացուցիչներ: Ներկայ էին նաեւ իր յիշատակը յարգող սգակիր ազգականներ եւ բարեկամներ:

Հ.Բ.Ը.Մ.-ի եւ Հ.Ե.Ը-ի «Խօսնակ» պաշտօնաթերթին անունով խօսք առաւ Պարոն Համբիկ Մարտիրոսեան: Ան վեր առաւ հանգուցեալին ցայտուն արժանիքները, որպէս միութենական եւ «Խօսնակ» պաշտօնաթերթի խմբագրապետ:

Խօսք առաւ հանգուցեալին մտերիմներէն Պարոյր Աղպաշեան: Ան իր խօսքին մէջ ներկայացուց Արամ Սեփեթճեան ռամկավար ազատական գաղափարախօսութեան հաւատաւոր մտաւորականը: Ըլլալով Արամ Սեփեթճեանի գաղափարախօսական դպրոցի կրտսեր ընկերը, Աղպաշեան գնահատեց հանգուցեալի կառչածութիւնը Կուսակցութեան գաղափարախօսութեան, նոյնիսկ անոր անցած այս դժուար օրերուն: Սեփեթճեան մեծ յոյս ունէր, որ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան հարիւրամեակը պիտի նշուի միացումի,  միասնականութեան եւ կառուցողական մթնոլորտի մէջ: 

Խունկ ու աղօթք համեստ հայ մտաւորական, մշակութային գործիչ, արձակագիր ու ռամկավար ազատական գաղափարախօսութեան ջահակիր Ընկեր Արամ Սեփեթճեանի պայծառ յիշատակին: Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի:

 Վիգէն Կ.Թոսունեան