Արայիկ Յարութիւնեանը հեռախօսազրոյց ունեցած է Լիբանանի նորանշանակ հայ նախարարին հետ
ՀՀ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ սփորթի նախարար Արայիկ Յարութիւնեանը յայտնած է իր ֆեյսպուքեան էջին, որ հեռախօսազրոյց ունեցած է Լիբանանի կառավարութեան հայազգի նորանշանակ նախարարի՝ սփորթի եւ երիտասարդութեան գլխաւոր պատասխանատու Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանի հետ:
«Տիկին նախարարը շնորհաւորած եմ նշանակման կապակցութեամբ, յոյս յայտնած, որ Լիբանանի մէջ կայունութեան ամրապնդումը թոյլ կու տայ կառավարութեան եւ նախարարին իրագործել նախանշուած բոլոր ծրագիրները:
Պայմանաւորուած ենք, որ օրեր անց նախարարի հետ կրկին հեռախօաազրոյց ունենանք ու քննարկենք համագործակցութեան յստակ ծրագրեր»,- գրած է նախարարը: