Արարատ Միրզոյեանը նշանակուած է ՀՀ արտաքին գործոց նախարար

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի հրամանագրով Արարատ Միրզոյեանը նշանակուած է ՀՀ արտաքին գործոց նախարար։
«Հիմք ընդունելով վարչապետի առաջարկութիւնը` համաձայն Սահմանադրութեան 131-րդ յօդուածի, ինչպէս նաեւ «Կառավարութեան կառուցուածքի եւ գործունէութեան մասին» օրէնքի 5-րդ յօդուածի 1-ին մասի.
Արարատ ՄԻՐԶՈՅԵԱՆԻՆ նշանակել արտաքին գործերի նախարար»,- նշուած է հրամանագրին մէջ։