Արարատ Միրզոյեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը ժամանած է Սուրիա

2023-02-23
Image

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը ժամանած է Սուրիա:

Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրէս»-ի թղթակիցը, Դամասկոսի օդակայանին մէջ ՀՀ ԱԳ նախարարը դիմաւորուած է Սուրիոյ ԱԳ նախարար Ֆայսալ Մըքտատին կողմէ:

Տեղի ունեցած է Հայաստանի եւ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարներու առանձնազրոյցը:

Արարատ Միրզոյեանը Դամասկոսի մէջ պիտի հանդիպի նաեւ Սուրիոյ նախագահ Պաշար Ասատի հետ, որմէ ետք պիտի մեկնի Հալէպ:

Միրզոյեան Սուրիա ժամանած է աւերիչ երկրաշարժէն յետոյ մարդասիրական օգնութեան երրորդ խմբաքանակը տեղ հասցնելու նպատակով: