Արարատ Միրզոյեան կ'այցելէ Գերմանիա

Փետրուար 6-7-ը ՀՀ Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան աշխատանքային այցով կը գտնուի Պերլին։ Այս մասին յայտնած են ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութենէն։
Նախարար Միրզոյեան հանդիպում պիտի ունենայ Գերմանիոյ Դաշնային Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Անալենա Պերպոքի հետ, որմէ ետք նախարարները հանդէս պիտի գան մամլոյ ասուլիսով:
Այցի ծիրէն ներս Արարատ Միրզոյեանը հանդիպումներ պիտի ունենայ նաեւ Գերմանիոյ օրէնսդիր մարմիններու, փորձագիտական հանրութեան ներկայացուցիչներու հետ։
Իր հանդիպումներու ընթացքին նախարար Միրզոյեան անդրադարձ պիտի կատարէ Հայաստան-Գերմանիա եւ ՀՀ֊ԵՄ փոխգործակցութեան ընդլայնման հարցերուն, Հարաւային Կովկասի մէջ կայունութեան եւ անվտանգութեան մարտահրաւէրներուն, Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի արգելափակման հետեւանքով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած մարդասիրական ճգնաժամին, Հայաստան֊Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին եւ երկկողմ հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ հարցերու։