Արդէն 8-րդ օրն է՝ Ատրպէյճան կը շարունակէ փակ պահել Լաչինի միջանցքը

Արդէն ութերորդ օրն է՝ Ատրպէյճան կը շարունակէ փակ պահել Արցախը Հայաստանին կապող միակ ճանապարհը: 1100 քաղաքացի, որմէ 270-ը անչափահաս, տուն վերադառնալու հնարաւորութիւն չունի:
Հաշուի առնելով ճանապարհի արգելափակման հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակը` քաղաքացիներու հետ արագ արձագանգման կապի ապահովման համար կը գործէ շուրջօրեայ թէժ գիծ:
Թէժ գծին հնարաւոր է զանգել Արցախէն՝ 119, իսկ Հայաստանի Հանրապետութենէն ու արտերկրէն՝ +374-47-119-119 հեռախօսահամարներով:
Քաղաքացիները կրնան զանգել եւ տեղեկացնել այն խնդիրներու մասին, որոնք կը ծագին իրավիճակի հետեւանքով:
[ԱՀ տեղեկատուական շտաբ]