Արեւելեան հատուածին մէջ թշնամիին յարձակումը ձախողած է. ՊԲ

Պաշտպանութեան բանակէն կը տեղեկացնեն, որ 5 նոյեմբերին՝ ժամը 10:30-ի սահմաններուն, թշնամական ուժերը արեւելեան հատուածին մէջ, զրահապատ մեքենաներու կիրառմամբ, ձեռնարկած են յարձակման փորձ:
ՊԲ ստորաբաժանումներու ու պահեստազօրայիններու գրագէտ գործողութիւններու շնորհիւ՝ հակառակորդը, մարտադաշտին մէջ թողելով 1 զրահամեքենայ, 1 բեռնատար մեքենայ եւ մեծ քանակութեամբ կենդանի ուժ, ետ շպրտուած է:
Դաշտային իրադրութիւնը կը շարունակէ մնալ ՊԲ վերահսկողութեան ներքոյ: