Արթուր Աղաբեկեանն ազատուած է Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի գլխաւոր խորհրդականի պաշտօնէն

2021-06-04
Image

Արթուր Աղաբեկեանն ազատուած է Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի գլխաւոր խորհրդականի պաշտօնէն: Ան կը մնայ ԱՀ նախագահի խորհրդականը՝ հասարակական հիմունքներով: Այս մասին  յայտնած է Արցախի նախագահի խօսնակ Լուսինէ Աւանեսեանը:

Յիշեցնենք, որ զօրավար-լեյտենանտ Արթուր Աղաբեկեանը  Արայիկ Յարութիւնեանի գլխաւոր խորհրդական նշանակուած էր 8 Յունիս 2020-ին։  Ան 2000-2007 թուականներուն եղած է ՀՀ պաշտպանութեան նախարարի տեղակալ: