Արման Պապաճանեան կը գլխաւորէ «Շիրինեան-Պապաճանեան ժողովրդավարներու դաշինք»-ի նախընտրական ցուցակը

2021-05-20
Image

«Շիրինեան-Պապաճանեան ժողովրդավարներու դաշինք»-ի ցուցակը կը գլխաւորէ  Յանուն Հանրապետութեան կուսակցութեան ղեկավար մարմնի ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի պատգամաւոր՝ Արման Պապաճանեան. Պապաճանեան Դիմատետրի իր էջին վրայ 19 Մայիսն հրապարակած է դաշինքի նախընտրական ցուցակի առաջին եռեակը։

Ըստ այդմ՝ երկրորդը Քրիստոնեայ-ժողովրդավարական կուսակցութեան առաջնորդ՝ Լեւոն Շիրինեանն է իսկ եռեակը եզրափակած է փաստաբան Սեդա Սաֆարեան:

18 Մայիսին Յանուն Հանրապետութեան եւ Քրիստոնեայ-ժողովրդավարական կուսակցութիւնները յայտարարեցին 20 Յունիսին կայանալիք արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններուն միասնական ճակատով մասնակցելու մասին: